ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՖԻՆԼԱՆՏԻԱ ԱՅՑԸ
Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած Էրասմուս ծրագրին շրջագծով ներկայիս հաստատուած է նոր նախագիծ մը, որ կը կոչուի «The European Job Market For Teens»։ Սոյն նախագծի մասնակից երկիրներն են՝ Ֆինլանտիա, Հունգարիա, Գերմանիա, Խրուաթիա, Լեհաստան եւ Թուրքիա։ «The European Job Market For Teens»ի առաջին հաւաքը անցեալ տարեվերջին տեղի ունեցած էր Լեհաստանի մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ Էսաեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Սեմինարներէ եւ շրջայցներէ բաղկացեալ հնգօրեայ խտացեալ աշխատանք մը ծաւալուած էր այնտեղ։
Ներկայիս, ի շարունակութիւն, նախագծին երկրորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Ֆինլանտիոյ մէջ։ Այսպէս, 12-19 Մարտին Քոքքոլա քաղաքին մէջ նախատեսուած է երկրորդ փուլին աշխատանքը։ Էսաեան վարժարանը պիտի ներկայացնեն՝ Նաթալի Պարսամեան, Սեսիլ Կիւկիւշ, Լարիսա Եըլմազ եւ Գարին Մանթօ։ Աշակերտներուն պիտի ուղեկցին անգլերէնի ուսուցչուհիներ՝ Եւա Պիւյիւքսիմքէշեան եւ Դալար Պետիկօղլու։ Քոքքոլայի մէջ էսաեանցիները պիտի մասնակցին արհեստանոցի աշխատանքներու եւ հանդէս պիտի գան ելոյթներով։ Անոնք առիթը պիտի ունենան նաեւ ծանօթանալու զանազան ընկերութիւններու կողմէ ծաւալուած գործունէութեան։