ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

«Վա­րիշ» թա­տե­րա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ «Քաչ քա­չա­մաք» խո­րագ­րեալ խա­ղի ա­ռա­ջին ներ­կա­յաց­մամբ։ Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Իս­թան­պու­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Սիւ­հա Ույ­կուր, մեր թա­տե­րա­կան աշ­խար­հէն բազ­մա­թիւ ծա­նօթ դէմ­քեր եւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­ներ։ Հարկ է նշել, որ այս ծրա­գի­րը կեան­քի կը կո­չուի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Խա­ղը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճըի բե­մադ­րու­թեամբ։ Գոր­ծը Ա­նա­հիտ Վա­րի­շի ար­տադ­րու­թիւնն է։ Դե­րա­կա­տար­ներն էին՝ Սե­լին Վա­րիշ, Յով­սէփ Գա­րա­կէօ­զեան, Ա­լէն Աք­մեր­ճան, Ժպիտ Իս­քէն­տէ­րօղ­լու-Քա­լայ­ճը, Պու­քէթ Էր­տէմ, Ար­տա­շէս Քար­թուն եւ Րաֆ­ֆի Քա­լայ­ճը։

Թեք­նիկ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը ստանձ­նած էին՝ Քո­զէթ Գա­րա­կէօ­զեան, Մու­րատ Ճա­ւաք, Սե­լին Վա­րիշ, Այգ Տինչ­քա­յըք­ճը եւ Սէր­լի Աք­մեր­ճան։

Զա­ւեշ­տի ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին ներ­կայ թա­տե­րա­սէր­նե­րը ջերմ ծա­փե­րով ող­ջու­նե­ցին դե­րա­կա­տար­նե­րը։ Այս հանգ­րուա­նին շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Սե­լին Վա­րիշ, Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճը եւ Ա­նա­հիտ Վա­րիշ։

Յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ ար­տա­յայ­տե­լով ա­նոնց նկատ­մամբ ի­րենց հա­մակ­րան­քը եւ յղե­լով յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016