ԼԱՒԱՏԵՍ ՍՊԱՍՈՒՄ
Թաքսիմ մարզակումբի վարչութիւնը կը պարտաստուի հիւրընկալել Մարմնամարզի նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քըլըճ մօտաւոր անցեալին մասնակցած էր այս ակումբի յոբելենական ընթրիքին, իսկ ներկայիս կը պատրաստուի այցելել մարզակումբի հաւաքատեղին։ Ըստ Թաքսիմի վարչութեան աղբիւրներու հաղորդումներուն, նախարարին այցելութիւնը ծրագրուած է Մարտի 16-ի յետմիջօրէին։
Հաւանական է, որ այս այցելութեան ընթացքին դրական լուրեր հաղորդուին նաեւ Թաքսիմի՝ Ֆէրիգիւղի Չոպանօղլու փողոցի մարզադաշտի կարգավիճակի հարցին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր դիւանակալական թնճուկի մը վերածուած է այս հարցը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ազգային կալուածներու վարչութեան եւ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութեան միջեւ լուծման գետին մը ստեղծուած է։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան պատկանող տարածք մը, որ կը գտնուի Պահչէշեհիրի մէջ, այս մարզադաշտին փոխարէն պիտի տրամադրուի նոյնանման նպատակներով։ Այսպէսով յաղթահարուած պիտի ըլլայ Թաքսիմ մարզակումբին վերաբերեալ կարեւոր թնճուկ մը եւ ակումբը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ պատկան մարմիններէն երկարաժամկէտ ձեւով վարձակալելու այդ մարզադաշտը։
Ակումբի շրջանակները լիայոյս են, որ երկար տարիներու սպասումէ վերջ այս անգամ պիտի յաղթահարուի սոյն խնդիրը։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024