ՀԱՅՃԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ ՀԱՅ­ՃԱՐ կը պատ­րաս­տուի մե­ծա­րել մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­նե­րէն մին՝ Նշան Եա­ղու­պեա­նը։ Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ՀԱՅ­ՃԱՐ-ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօ­ֆը, որ մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այս ծրագ­րին շուրջ։

Նշան Եա­ղու­պեան տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րում մը բե­րած է մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին՝ ճար­տա­րա­գէ­տի ծով պա­շա­րով։ Իր մաս­նա­գի­տու­թեամբ ան լուրջ համ­բաւ ա­պա­հո­ված է նաեւ լայն հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։ Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի վառ դէմ­քե­րէն մին է Նշան Եա­ղու­պեան, որ Սուրբ Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ան­դա­մակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի կա­լուած­նե­րուն հա­մար եւս ի գործ դրած է իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի ներ­կայ շէն­քի եւ յա­րա­կից սա­նուց միու­թեան կա­ռուց­ման ժա­մա­նակ ան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած է որ­պէս մղիչ ուժ։

ՀԱՅ­ՃԱՐ այս շա­բա­թա­վեր­ջին մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պած է Նշան Ե­ղու­պեա­նի հա­մար։ «Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրան­սա­կան լի­սէի Հար­պի­յէի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ նա­խա­տե­սուած է ձեռ­նար­կը, ո­րու ծրագ­րին ա­ռանց­քը պի­տի կազ­մէ Նշան Եա­ղու­պեա­նի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տուած փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը։ Բաց աս­տի, մե­ծա­րեա­լին զա­նա­զան պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը հան­դէս պի­տի գան վկա­յու­թիւն­նե­րով։ Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին պի­տի սար­քուի նաեւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Նշան Եա­ղու­պեան ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նայ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ հա­մախմ­բուե­լու իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017