ՍԱՐԻՆ ԹԱՇՀԱՆ ԴԻԼԻՋԱՆԻ ԳՈԼԷՃԸ ՊԻՏԻ ՅԱՃԱԽԷ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն Սա­րին Թաշ­հան ի­րա­ւունք շա­հած է յա­ճա­խե­լու Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջա­տար կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը՝ UWC-ի Դի­լի­ջա­նի գո­լէ­ճը։ Ան ներ­կա­յիս կ՚ա­շա­կեր­տի Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան, որ­մէ ա­ռաջ ա­ւար­տած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը։ Սա­րին Թաշ­հան յա­ռա­ջի­կայ եր­կու տա­րի­նե­րուն պի­տի կա­րե­նայ Դի­լի­ջա­նի գո­լէ­ճին մէջ իր ու­սու­մը շա­րու­նա­կել՝ ամ­բող­ջա­կան կրթա­թո­շա­կով։

Սա­րին Թաշ­հան յա­ռա­ջի­կայ եր­կու տա­րի­նե­րուն Դի­լի­ջա­նի գո­լէ­ճին մէջ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լէ վերջ պի­տի ու­նե­նայ մի­ջազ­գա­յին պա­քա­լո­րէա­յի վկա­յա­կա­նի մը տի­րա­նա­լու հե­ռան­կա­րը։ Շնոր­հիւ այդ մի­ջազ­գա­յին վկա­յա­կա­նին՝ ան կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ նաեւ շա­րու­նա­կե­լու իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը՝ աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար հա­մալ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Սա­րին Թաշ­հա­նը եւ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը մաղ­թենք ի­րեն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017