Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՎԱՂԸ ՔԱՂԱՔՍ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Իս­թան­պուլ։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը քա­ղաքս պի­տի ժա­մա­նէ վա­ղը կէս գի­շե­րին։ Ուր­բաթ ան Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ներս յար­գան­քի այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Պոլ­սոյ լու­սա­հո­գի պատ­րիարք­նե­րու շի­րիմ­նե­րուն։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը կը հա­մընկ­նի տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջերս Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը ո­րո­շած էին մին­չեւ Մար­տի 15-ը ընտ­րել տե­ղա­պահ մը։ Տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը ինք­նա­բե­րա­բար պի­տի բնո­րո­շէ նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին սկիզ­բը։

Այժմ նա­խա­տե­սուած ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն, յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի, Մար­տի 13-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին նիս­տը։ Եր­կու օր վերջ՝ Չո­րեք­շաբ­թի, Մար­տի 15-ին ալ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը պի­տի ընտ­րէ տե­ղա­պա­հը։

Ըստ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­ներն ալ պի­տի կա­րե­նան ըլ­լալ տե­ղա­պա­հի թեկ­նա­ծու։ Հե­տե­ւա­բար, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեանն ալ պի­տի կա­րե­նայ ըլ­լալ տե­ղա­պա­հի թեկ­նա­ծու եւ իբր այդ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, յար­մար նկա­տած է Մեծ պա­հոց ներ­կայ շրջա­նին այ­ցե­լու­թեան փու­թալ քա­ղաքս։

Ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դուած, թէ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան որ­քան ժա­մա­նակ պի­տի մնայ Իս­թան­պու­լի մէջ եւ իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ինչ ծրագ­րի մը պի­տի հե­տե­ւի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017