ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ եզակի օր մը։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Մեծ պահոց շրջանին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը։ Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան կազմակերպեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ հերթական ցուցահանդէսը։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի արարողութիւնն ալ եկաւ աւելնալ այս բոլորին վրայ, ինչ որ տօնական մթնոլորտի առիթ հանդիսացաւ Թոփգաբուէն ներս։

Երէկ առաւօտ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան։ Նորին սրբազնութիւնը տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ բացուեցաւ Մոնիք Երկանեանի ցուցահանդէսը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մոնիք Երկանեան մինչեւ մօտաւոր անցեալը շուրջ տասն տարի գլխաւորեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Վարչական պաշտօնները երիտասարդներուն փոխանցած ըլլալով հանդերձ, ան կը շարունակէ ամէն գետնի վրայ աջակցութիւն ցուցաբերել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Այս ամբողջին մէջ Մոնիք Երկանեանի ցուցահանդէսները արդէն դարձած են աւանդական։ Արդարեւ, վարչական կարողութիւններուն եւ բարերարի հնարաւորութիւններուն առընթեր, ան իր ստեղծագործական ձիրքերն ալ ի սպաս դրած է Թոփգաբուի վարժարանին համար։ Երէկուան ցուցահանդէսը ընդգրկեց Մոնիք Երկանեանի շուրջ չորս տասնեակ պաստառները։ Ցուցահանդէսի առաջին այցելուներէն մին էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ Մոնիք Երկանեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ անոր գործերուն եւ փոխանցեց իր բարձր գնահատանքն ու օրհնութիւնները։

Այցելութեան փութացին նաեւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը սաներ՝ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի գլխաւորութեամբ։ Տղաքը այս առթիւ ծաղկեփունջ մը նուիրեցին Մոնիք Երկանեանին, որ նկարչական աշխատանքները կը ծառայեցնէ դպրոցի վերելքին համար։ Համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր եւս շրջեցան այս ցուցահանդէսը, որու ժամանակ Մոնիք Երկանեանի կողքին էին նաեւ իր ամուսինը՝ յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան եւ հարազատները՝ Շէյտա-Վազգէն Նանեան ամոլը։ Օրուան վերջաւորութեան արդէն վաճառուած էին Մոնիք Երկանեանի գրեթէ բոլոր պաստառները եւ ան հերթական անգամ խորին երախտագիտական զգացումներով շրջապատուեցաւ Թոփգաբուի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Այս ցուցահանդէսին զուգահեռ Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ քէրմէս մըն ալ կազմակերպեց՝ նոյնպէս ի նպաստ դպրոցին։

  

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018