ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՏԵՂԵԱԿ ՊԱՀՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԷՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարքին վախճանման կապակցութեամբ հեռաձայնով կապ հաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիսկոսին խոր ցաւով տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան այսօր կէսօրուան ժամերուն վախճանած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը գտնուէր վերջին տարիներուն։

Իր կարգին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ալ խոր ցաւ յայտնած է Նորին Ամենապատուութեան կորուստին կապակցութեամբ եւ իր հայրական ցաւակցութիւններն ու կարեկցանքը արտայայտած է պոլսահայ իր հաւատացեալ հօտին նկատմամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019