ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Քրիստո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լեց իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած այս ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քո­յթին ըն­թաց­քին ստեղծուե­ցաւ ջերմ մթնո­լորտ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի կող­քին էին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Ըն­դու­նե­լու­թեան սկիզ­բին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նեց տի­կ­­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց փո­խան­ցեց Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ իր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

Ա­ւե­լի վերջ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Կիւլ խօսք առ­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին եւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն Ս. Զա­տի­կը եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց բո­լո­րին։

Այս ե­լոյթ­նե­րէն վերջ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ զրոյ­ցի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան հա­մայն­քէն ներս ու մա­նա­ւանդ մեր վար­ժա­րան­նե­րու եր­դի­քին տակ կրօ­նի եւ լե­զուի դա­սե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան շուրջ։ Հո­գե­ւոր հայ­րե­րը դի­տել տուին, թէ այն ծնող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կ՚ու­ղար­կեն հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան մը, պա­հանջ­կոտ պէտք է ըլ­լան կրօ­նի եւ լե­զուի ու­սուց­ման հար­ցե­րուն շուրջ։

Այս տա­րուան Ս. Զատ­կի ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պէր Ա­ւետ­ման տօ­նին, ինչ որ տար­բեր ե­րանգ մը վե­րագ­րեց հա­ւա­քոյ­թին։ Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը զատ­կա­կան ա­ւան­դա­կան կար­միր հաւ­կիթ­ներ նուի­րեց տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ հիւ­րե­րը Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդն ու հո­գե­ւոր հայ­րե­րը շրջա­պա­տե­ցին Պատ­րիար­քա­րա­նի մուտ­քի աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ, ուր կա­տա­րուե­ցաւ նկա­րա­հա­նու­թիւն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015