ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Երէկ, հաճոյքն ունցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Ուսուցչուհիներ՝ Հերա Իսկէնտէրօղլուի եւ Լուսիա Քըլընչլըի գլխաւորութեամբ մեր այցելութեան փութացած էին վեցերորդ եւ եօթներորդ դասարաններու տղաքը։
Իսկապէս հաճելի զրոյց մը տեղի ունեցաւ անոնց հետ։ Աշակերտները այցելութենէն առաջ թէեւ պատրաստած էին կարգ մը հարցումներ, սակայն անոնց պատասխաններուն լոյսին տակ ուրիշ հարցումներ ալ ուղղեցին՝ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան, ներկային եւ համայնքային կեանքի նկատմամբ պատկերացումներուն շուրջ։ Տղոց հետաքրքրութեան ծիրին մէջ էին նաեւ լրագրական եւ տպագրական թեքնիկի նորութիւններուն վերաբերեալ զանազան նիւթեր։
Խմբագրատանս մէջ Ս. Զատկուան շրջանին զուգադիպած այս այցելութիւնով իսկապէս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ մը եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները հրաժեշտ առին գոհ տպաւորութեամբ։