ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը երէկ երեկոյեան մեծարանքի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ վերջերս կազմակերպուած համաեւրոպական խաղերուն շրջագծով ֆութսալի մէջ երկրորդ կարգը նուաճած քաղաքիս խումբին։ Հարկ է նշել, որ Ամսթերտամի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի արդիւնքին 26 խումբերու կարգին Իսթանպուլի ֆութսալի խումբը եղած էր երկրորդ։
Երէկուան ընթրիքը տեղի ունեցաւ Ուլուսի «Մայտանոս» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էին մարզիկները եւ Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի անդամները։ Անմիջական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը։ Սեղանին շուրջ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Հայկարամ Գարասու, Ղազարոս Ունան, Կարօ Համամճեան, Ալէն Թեքպըչաք, Արշակ Փոլատ, Շահնուր Գազանճը եւ Նազար Հանչէր։ Մարզիկներուն անունով ալ սրտի խօսք մը արտասանեց Սեւան Տեւլէթեան։
Ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ երաժշտական յայտագրով։