ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպան Քրիս Պութըրը։ Զրոյցի ընթացքին դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարին նկատմամբ մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարան կատարած այցելութեան ընթացքին ցուցաբերուած յարգալիր վերաբերմունքին համար։ Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին կողմէ ցուցաբերուած նրբանկատութեան կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ, նորին սրբազնութիւնը ընդունեց նաեւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ամսավերջին այս եկեղեցւոյ մէջ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ նախատեսուած են աւանդական արարողութիւններ, որոնց ընդառաջ թաղային խորհուրդը Պատրիարքարան այցելեց եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր գործունէութեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019