ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Մեծ պահոց շրջանին հաւատացեալներու հոգեւոր խոր ապրումները կը զուգորդուին աւանդական եկեղեցական արարողութիւններով։ Երէկ, Ծաղկազարդի տօնին ընդառաջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արարողութիւններուն նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց գաւառներու հոգեւոր տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Արարողութեան հետեւեցան նաեւ Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ եւ կրթական մշակներ, որոնք եւս ունկնդրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քարոզին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը պահքի սիրոյ սեղանով մը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Այսպէս, խնամակալութեան ժողովասրահին մէջ Նորին Ամենապատուութեան շուրջ համախմբուեցան հոգեւորականաց դասու անդամները, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուի եւ գործակիցներուն կողմէ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022