ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային 11-րդ ճատրակի մրցաշարքը երէկ եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպուած մրցանակաբաշխման արարողութիւնը վերածուեցաւ տօնախմբութեան մը, քանի որ այսպիսի մրցաշարքի մը շարունակականութիւնը մեր համայնքի պայմաններով կը նկատուի լուրջ ձեռքբերում մը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան երէկուան ձեռնարկին ընթացքին արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որու աւարտին մրցաշարքի դափնեկիրները ստացան իրենց պարգեւները։
Աստղերու դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Մէրամէթճեան վարժարանը, որուն հետեւեցան Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանն ու Էսաեան վարժարանը։ Փոքրերու դասաւորման մէջ առաջին երկու դիրքերը նուաճեցին Մէրամէթճեան վարժարանի խումբերը՝ Վագրերն ու Առիւծները, իսկ Եշիլգիւղի վարժարանի խումբը հանդիսացաւ երրորդ։
Առանձնապէս պարգեւատրուեցան նաեւ իրենց սեղաններուն վրայ առաջնակարգ յաջողութեան հասած աշակերտները՝ միշտ՝ փոքրերու եւ աստղերու դասաւորումներուն մէջ։
Դափնեկիրներուն պարգեւները յանձնուեցան հաւաքոյթի մասնակից հիւրերուն եւ մանաւանդ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ, մինչ մրցաշարքի մասնակից վարժարաններու ճատրակի ուսուցիչներն ալ արժանացան գնահատանքի։ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուցիչներ ալ հետեւեցան երէկուան ձեռնարկին։
Մրցնակաբաշխման արարողութեան աւարտին վարժարանի պարտէզին մէջ հիւրերը պատուասիրուեցան՝ Մէրամէթճեան վարժարանի Ծնողաց միութեան կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ (Լուսանկարներ՝ Արի Թաշ)
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024