ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքոյթը երէկ արտասովոր օր մը պարգեւեց Գումգաբուի ընտանիքին։ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի ձեռամբ, առաւօտուն Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, հին տնօրէնները, կրթական մշակները, սատարողներն ու սաները։
Կրօնական արարողութենէն վերջ, յարակից Պէզճեան որահին մէջ շարունակուեցաւ շրջանաւարտից հաւաքը՝ ճաշասեղաններու շուրջ։ Հաւաքոյթը պատուեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ օրհնեց սեղանը։ Իր կողքին էին Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։ Այս տարի արդէն քսաներորդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս աւանդական ձեռնարկը։ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն, տնօրէնուհի Թալին Նայիր, Պէզճեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Մինաս Տեմիր եւ իր ընկերները, նաեւ Գումգաբուի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնց շարքին էին զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ յուշանուէրներ յանձնուեցան յոբելեար դասարաններու սաներուն, որոնք արտասովոր խանդավառութիւն ապրեցան։ Բոլոր ընթացաւարտները մէկ կողմէ կը վերյիշէին անցեալի քաղցր յուշերը, իսկ միւս կողմէ կը հետաքրքրուէին դպրոցի ներկայ վիճակով։ Անոնք ուրախութեամբ բաժակ բարձրացուցին Պէզճեան Մայր վարժարանի յարատեւութեան համար։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լեռնա Եաղեազանի։ Միութեան անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Թամար Ավճը, որուն առընթեր արտայայտուեցան նաեւ Թալին Նայիր եւ նախկին տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան։ Վարժարանի սաներն ալ ունէին իրենց բաժինը։ Բացի Տիանա Չիլինկեարեանի արտասանութենէն, տղաքը ներկայացուցին պարեր։
Բաժակի պահուն եիցագոյն սանը՝ Սիւզան Հանլըճան եւ կրտսերագոյնը՝ Լիտիա Քարափեքմէզ առաջնորդեցին Մայր վարժարանի համար կատարուած կենացը։ 25-ամեայ եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները յուշանուէրնար ստացան՝ ձեռամբ Թալին Նայիրի եւ Մինաս Տեմիրի։ Նազարէթ Դաւիթեանն ալ յիշատակ մը յանձնեց Սաթենիկ Քեպապճըին, որ եկած էր արտասահմանէն։
Հաւաքը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեան խօսքով։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը յորդորեց, որ մեր վարժարաններու սաները շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ չմոռնան այն կրթօճախները, ուրկէ հասած են։ Արդարեւ, մեր դպրոցները կարիքն ունին իրենց սաներու զօրակցութեան՝ յարատեւելու համար։