ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՅԱՅՏՆԻ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեր համայնքէն երեք յայտնի բժիշկներու մասնակցութեամբ շահեկան ասուլիս մը։ Մասնագիտական նիւթերու շուրջ նախատեսուած զրոյցներու շարքի առաջինն էր այս մէկը։ Երեկոյթը վարեց Տքթ. Արէտ Լազօղլու։ Ատենախօսներն էին Տքթ. Աքսել Սէյյահի եւ Տքթ. Միրիճան Միրօղլու։

Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թա-ղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ շարք մը հետաքրքիրներ։

Նկատի ունենալով, որ այս երեք բժիշկները հեղինակութիւն կը համարուին իրենց ճիւղերուն մէջ եւ լուրջ համբաւ ձեռք բերած են՝ բազմաթիւ ներկաներ փափաքեցան անոնց ուղղել զանազան հարցումներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018