ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Գում­գա­բուի Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէ­յօղ­լուի Լու­սա­ւո­րիչ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նո­րաս­տեղծ ման­կա­պա­տա­նե­կան խում­բին անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Իս­կա­պէս փայ­լուն ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րով­հե­տեւ Լու­սա­ւո­րիչ երգ­չա­խում­բը վա­ղուց լուրջ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի նոր սե­րուն­դը ներգ­րա­ւե­լու, սերն­դա­փո­խու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռու­մով։ Թէ՛ մատ­ղաշ սե­րուն­դի շուր­թե­րէն հայ եր­գին հնչե­լը եւ թէ սերն­դա­փո­խու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ առ­նուած այս կա­րե­ւոր քայ­լը հան­դի­սա­ցան այն եր­կու հիմ­նա­կան հան­գա­մանք­նե­րը, ո­րոնք բա­ցա­ռիկ ի­մաստ վե­րագ­րե­ցին այս ձեռ­նար­կին։

Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցաւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, երգ­չա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, հիմ­նա­կան կազ­մին խմբա­վա­րը՝ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեան, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Հա­մեր­գի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Լու­սին Պաղ­ճը, ո­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը հա­մա­հունչ էին ձեռ­նար­կով պայ­մա­նա­ւո­րուած ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տին։

Ա­ւե­լի վերջ սկսաւ յայ­տագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Լու­սա­ւո­րիչ ման­կանց երգ­չա­խում­բը եր­գա­ցան­կին վրայ ընդգր­կուած գոր­ծե­րը մեկ­նա­բա­նեց Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Յայտ­նի էր, որ Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու որ­պէս խմբա­վար լուրջ աշ­խա­տանք մը տա­րած էր Լու­սա­ւո­րի­չի այս նոր կազ­մը պատ­րաս­տե­լու հա­մար սոյն հա­մեր­գին։ Տղա­քը ինք­նավս­տահ եւ յա­ջող ձե­ւով ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն զա­նա­զան յայտ­նի գոր­ծեր։ Ու­շագ­րաւ էին նաեւ Լու­սա­ւո­րի­չի պատանի մե­նա­կա­տար­նե­րը՝ Նա­յի­րի Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան, Ա­րեւ Ե­լէ­կէն, Լա­րա Քըր, Լա­րի­սա Դա­լար Տամ­լա, Մե­լա­նի Ա­քայ, Մե­լի­սա Ա­ւե­տի­քօղ­լու, Զու­լալ Ճան­ճան, Նա­րօտ Պօ­յա­ճը, Հրակ Գա­րե­գին Չաք­մաք­ճը։

Թէեւ Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու այս հա­մեր­գին ըն­թաց­քին խմբա­վա­րի դե­րը ստանձ­նած էր, սա­կայն ան ար­դա­րա­ցուց նաեւ իր համ­բա­ւը՝ որ­պէս մե­նա­կա­տար։ Յայ­տագ­րի տե­ւո­ղու­թեան ան ունկն­դիր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց նաեւ մե­ներգ մը՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րու։

Փոք­րիկ­նե­րու երգ­չա­խում­բին նուա­գակ­ցե­ցան՝ Շանթ Էս­մէր, Սե­ւան Կա­րա­պե­տօղ­լու, Սե­ւան Ի­նեա­փան եւ Ռու­բէն Մել­քի­սէ­թօղ­լու։

Հա­մեր­գի ա­ւար­տին խմբա­վար Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու եւ փոք­րիկ­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցան բո­լո­րին կող­մէ՝ գնա­հա­տան­քով եւ ա­պա­գայ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թա­քով։

 

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015