ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի նոր հա­մա­լի­րի եւ յա­րա­կից «Շան­սի­թի»ի շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­-նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռար­կայ դառ­նալ հան­րա­յին կար­ծի­քի եւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Ա­սոր փո­խա­րէն, հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւնն ալ բա­ւա­կան թա­փան­ցիկ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ՝ որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րուա­նին մա­սին հան­րա­յին կար­ծի­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նայ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս լու­սա­բա­նուե­լու։ Ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ իր ըն­կեր­նե­րը գնա­հա­տե­լի նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն կը դրսեւո­րեն այս ուղ­ղու­թեամբ։ Ի­րենց այս գոր­ծե­լաո­ճին կա­րե­ւոր դրսե­ւո­րում­նե­րէն մին ե­ղաւ շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Յա­կո­բի ա­կում­բին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ի­րա­զեկ­ման հա­ւա­քոյ­թը, ո­րով հեր­թա­կան ան­գամ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տրուե­ցան այս ծրագ­րին հա­սած հանգ­րուա­նին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Հա­ւա­քոյ­թին պա­տուոյ հիւրն էր Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Ներ­կայ էին հո­գա­բար­ձու­թեան նախ­կին շրջան­նե­րէն ան­դամ­ներ, Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թե­նէն վար­չա­յին­ներ եւ Aտիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րէն դէմ­քեր։ Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը հրա­ւի­րած էր նաեւ Vision Europe ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ-ի­րա­ւա­բան Ճէմ Չե­թի­նը եւ շի­նա­րա­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած ըն­կե­րու­թեան սե­փա­կա­նա­տէր Տուր­սուն Էօզ­պէ­քը։

Պեռ­նար Սա­րը­պա­յի եւ ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ե­կան ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան եւ Vision Europe-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը կը խոս­տա­նան նոր հո­րի­զոն­ներ։ Կող­մե­րը նպա­տա­կաս­լաց աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լեն, որ­պէս­զի ժամ ա­ռաջ կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տին։ Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը հա­մո­զիչ տուեալ­նե­րով ա­պա­ցու­ցա­նեց, որ կը պատ­րաս­տուի քա­ղել իր հե­ռա­տե­սու­թեան պտուղ­նե­րը։ Պեռ­նար Սա­րը­պայ նախ ամ­փո­փեց շի­նա­րա­րու­թեան հանգ­րուան­նե­րը, Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի ծե­րա­նո­ցի բաժ­նի կա­ցու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քիս զբօ­սաշր­ջա­կան գօ­տիէն ներս ձեռ­նար­կուած այս ծրագ­րին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը։ Ան­ցեալ Մար­տի 14-ին տե­ղի ու­նե­ցած հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ի շա­րու­նա­կու­թիւն, շատ կարճ ժա­մա­նակ վերջ Սա­րը­պայ եւ ըն­կեր­նե­րը ար­դէն հեր­թա­կան ան­գամ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տուին ծրագ­րի ըն­թաց­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Սաըր­պայ շեշ­տեց, թէ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն կը տրուի ծե­րա­նո­ցի եւ հի­ւան­դա­նո­ցի նոր շէն­քի կա­ռուց­ման։ Այս ուղ­ղու­թեամբ շուրջ եր­կու տա­րուան համ­բե­րու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ է, ո­րով­հե­տեւ այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րով 2017-ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն վեր­ջա­ցած պի­տի ըլ­լայ շի­նա­րա­րու­թիւ­նը։ Հի­ւան­դա­նո­ցի նոր հա­մա­լի­րը օժ­տուած պի­տի ըլ­լայ թէ՛ թեք­նիկ եւ թէ ֆի­զի­քա­կան բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։ Նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պատ­կե­րաց­ման տե­սա­կէ­տէ կար­ծես, թէ բա­ւա­րար է հա­շուի առ­նել լոկ մա­կերս­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի նախ­կին հա­մա­լի­րը ու­նէր միայն 3000 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րա­ծու­թիւն, ա­պա նո­րը պի­տի ու­նե­նայ 13.000։ Այս հա­մե­մա­տե­լի տուեալ­նե­րուն հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու մէջ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին պի­տի ընդ­լայ­նուին Ս. Յա­կո­բի մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։

Շա­բա­թա­վեր­ջի հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ «Շան­սի­թի»ի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն։ Թէեւ սկզբնա­կան շրջա­նին որ­պէս ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րոն նա­խա­տե­սուած էր այս մէ­կը, սա­կայն ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ծրա­գի­րը բա­րե­փո­խում­նե­րու են­թար­կուե­ցաւ՝ ա­նոր ի­րա­գոր­ծուե­լիք շրջա­նի այժ­մու ի­րադ­րու­թեան լոյ­սին տակ։ Այս­պէ­սով, «Շան­սի­թի»ի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը յա­ռաջ տա­րուիլ սկսաւ՝ որ­պէս ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի, մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սան­քի տա­րածք։ Հա­մա­լի­րը պի­տի ու­նե­նայ նաեւ պան­դո­կի բա­ժին մը, պի­տի ընդգր­կէ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն մը եւ այդ բո­լո­րը հա­մա­հունչ են Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­կե­րա­յին ե­րե­սա­կին։

Հո­գա­բար­ձու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ա­ռըն­թեր ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ ի­րա­ւա­բան Ճէմ Չե­թին եւ Տուր­սուն Էօզ­պէք։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառն ալ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Տուր­սուն Էօզ­պէ­քի հետ իր ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ար­դիւն­քին շուրջ։ Ան ը­սաւ, թէ ինք հա­զիւ տա­րիէ մը ի վեր կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ եւ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին իր մտքին մէջ միշտ կա­յին հար­ցա­կան­ներ, ո­րոնք այս փու­լին այ­լեւս յաղ­թա­հա­րուած են վերջ­նա­կա­նօ­րէն։ Գե­րա­պայ­ծա­ռը օգ­տա­կար նկա­տեց կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թը եւ ա­ռանձ­նա­պէս գնա­հա­տեց այն կար­գադ­րու­թիւ­նը, ո­րով նոր ծե­րա­նո­ցը պի­տի ու­նե­նայ նաեւ ա­ղօ­թա­տուն մը։

Իր կար­գին, հո­գա­բար­ձու­նե­րէն Ֆուատ Սու­ճուն ալ ընդգ­ծեց, որ ի­րենք միշտ պատ­րաս­տա­կամ են շի­նիչ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րէն օգ­տուե­լու եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պէտք է միաս­նա­կա­նու­թեամբ ու ե­ռան­դով հե­տե­ւի այս գոր­ծըն­թա­ցին։

Հա­ւա­քոյ­թի ա­ւար­տին բո­լոր ներ­կա­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ի­րենց գնա­հա­տանքն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան նկատ­մամբ, նաեւ ող­ջու­նե­ցին Vision Europe-ի հետ հաս­տա­տուած դրա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը։

 

 

 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015