ԷՍԱԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Էսաեան վարժարանի տարեկան բաժակի օրուան ծրագրին եզրափակիչ փուլը նախընթաց օր մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ՝ անցեալի ու ներկայ սաներու համախմբումով։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը հանդէս մը կազմակերպեց այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտներուն համար։ Դպրոցի պարտէզին մէջ համախմբուած շրջանաւարտները կէսօրին միասնաբար ճաշեցին, իսկ աւելի վերջ դահլիճի երդիքին տակ համախմբուելով հետեւեցան այժմու աշակերտներուն կողմէ իրենց համար պատրաստուած յայտագրին։ Մերօրեայ երիտասարդներուն հետ շփման առիթը եզակի էր յոբելեար շրջանաւարտներուն համար։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին յոբելեար շրջանաւարտները վերստին համախմբուեցան դպրոցի պարտէզին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ անմիջական մթնոլորտով զրոյց։