ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿ
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային ձեռնարկները յառաջ կը տարուին հետեւողականօրէն։ Այս շրջագծով, տասներորդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն սքրապլի մրցոյթը։ Հարիւր տարուան կրթական հաստատութիւններու մասնակցութեամբ, լիսէի մակարդակով կազմակերպուեցաւ մրցոյթը, որուն առաջին փուլը տեղի ունեցաւ երէկ։
Օրուան սկիզբին ծրագիրը բացուեցաւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի ողջոյնի խօսքով։ Աւելի վերջ մասնակից վարժարաններու աշակերտները ձեռնարկեցին մրցոյթի։ Հարկ է նշել, որ մեր համայնքային հինգ լիսէներուն առընթեր Նշանթաշըի «Անատոլու» լիսէն եւս մասնակցեցաւ այս տարուան մրցոյթին։
Մինչ աշակերտները չափեցին իրենց գիտելիքները, օրուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Այս հանգրուանին եւս հարկիճ խօսքով մը հանդէս եկաւ Սաթենիկ Նշան, որ ուրախութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներու ներկայութեան համար եւ գնահատեց ջանքերը անլերէնի ուսուցիչներուն, որոնք վերահսկեցին աշակերտները։
Խմբային հարթութեան վրայ մրցոյթի առաջինը հանդիսացաւ հիւրընկալ Էսաեան վարժարանը, որուն յաջորդեցին Կեդրոնականը եւ Սահակեան-Նունեանը։ Անհատական հարթութեան վրայ առաջին հանդիսացաւ Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան (Էսաեան), որուն հետեւեցան Թալին Աքպաշ (Սահակեան-Նունեան), Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան (Էսաեան)։ Մասնաւոր յաջողութեան մրցանակ մըն ալ տրուեցաւ Թալին Աքպաշին։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հաճելի զրոյց տեղի ունեցաւ կրթական մշակներուն եւ մրցոյթի մասնակից աշակերտներուն միջեւ։
Հարկ է նշել, որ Էսաեանի կազմակերպած սքրապլի մրցոյթը այսօր ալ կը շարունակուի միջնակարգներու մակարդակին վրայ։