ԳԻՐՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

«Փարոս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական գիրք մը, որով ներկայացուած է շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Արամ Կիւլեիւզի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Գիրքի հեղինակն է Պերճուհի Պէրպէրեան։ Երէկ, Ճիհանկիրի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որուն մասնակցութիւն բերին թրքական շարժանկարի աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

«Փարոս» հրատարակչութենէն Նարօտ Ավճըի ողջոյնի խօսքով սկսաւ յայտագիրը, որու ընթացքին արտայայտուեցաւ Պերճուհի Պէրպէրեան։ Այս ելոյթներէն վերջ Պերճուհի Պէրպէրեան եւ Արամ Կիւլեիւզ միասնաբար մակագրեցին գիրքերը ներկաներուն համար։ Գիրքի շնորհանդէսի առընթեր ձեռնարկը միեւնոյն ժամանակ մեծարանքի բնոյթ ունէր Արամ Կիւլեիւզի տեսնակէտէ։ Հարկ է նշել, որ 1960-ական թուականներէն ի վեր Արամ Կիւլեիւզ արտադրած է շուրջ 150 շարժանկարի գործեր։

Բոլոր ներկաները շնորհանդէսի ընթացքին ունեցան հաճելի ժամանց՝ մանաւանդ, որ այս գիրքը բովանդակութեան մէջ կը տողանցէին շարժանկարի աշխարհէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017