ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս 2017-2018 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ փառատօնի շաբաթով մը։ Աւանդական այս ծրագրի շրջագծին մէջ, դպրոցի զանազան անկիւններուն տղաքը իրականացուցին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ։ Փառատօնը իսկապէս մեծ եռուզեռի մը մթնոլորտը ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու տարուան ընթացքին իրարու կողմէ կատարուած աշխատանքներուն։ Փառատօնի կազմակերպչական աշխատանքները վերահսկեցին ուսուցչուհիներ՝ Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Թամար Մանկասարեան, Աննա Սարըսեչքին, Վերա Հեմենկիւլ, Մելիսա Թուրաչ Պալչըք, Գարին Քիւչիւքօղլու, Էսրա Էօզալփ, Եւգինէ Ինճիտիւզէն եւ Շիլա Սիլէլեան։

Հարկ է նշել, որ այս փառատօնի ծրագիրը ընդգրկեց նաեւ հայերէնի վերաբերեալ մասնաւոր բաժին մը։ Այս կապակցութեամբ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու մասնաւոր գնահատանքի խօսք մը արտասանեց։

Ծրագրի եզրափակիչ փուլին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան եւ իր ընկերուհիները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018