ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարգար Էսաեան ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դարձեալ թեկնածու առաջադրուած է յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին իրեն ընկերացան կուսակցական ներկայացուցիչներ։

Պետրոս Շիրինօղլու հանդիպման ընթացքին ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան թէ՛ երկրի ընդհանուր հարցերուն եւ թէ համայնքային խնդիրներու շուրջ։ Զրոյցի աւարտին ատենապետ Շիրինօղլու յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Մարգար Էսաեանին ու շեշտեց, որ միշտ բարձր կը գնահատէ անոր յանձնառութիւնները։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018