ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որով այս տարուան շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ եւ իր գործակիցները, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան, տնօրէն Շահին Չընար, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Տնօրէն Շահին Չընար հանդէս եկաւ շրջանաւարտներուն ուղղեալ ողջոյնի եւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Աւելի վերջ յանձնուեցան վկայականները, մինչ պարգեւատրուեցան յաջողագոյն աշակերտները։

Հանդէսի աւարտին շրջանաւարտները տօնական մթնոլորտի մը մէջ հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018