Երեքշաբթի 4, Փետրուար 2025
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Էսաեան վարժարանի մէջ անցեալ ամսուան վերջին տասնօրեակին իրերայաջորդ տեղի ունեցան մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը եւ առաջին դասարանի ընթերցման տօնը։ Այս երկու հանդէսներն ալ անցան շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ երկու ձեռնարկներու ընթացքին ալ սրտի խօսքերով հանդէս եկաւ եւ շնորհաւորութիւններ յղեց փոքրիկներուն, մաղթեց նաեւ ապագայ յաջողութիւններ։
Մինչ էսեանցի տղաքը իրենց գործադրած յայտագրերով արժանացան ծափահարութիւններու, վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ հանդէսներու աւարտին սարքուեցան ընդունելութիւններ, որոնց ընթացքին հատուեցան իրենց համար պատրաստուած կարկանդակները։
Շաբաթ, Յունիս 8, 2019