ԱՆԾԻՆ ԵՐԱԽԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԸ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս վերջերս տարուած աշխատանքներու հիման վրայ՝ այսօրուընէ սկսեալ ընկերային ցանցերու կամ ձայնասփիւռի միջոցաւ կը ներկայացուի «Անծին երախայի դպրոցը»։ Սա թատերական ծրագիր մըն է, որ կեանքի կոչուած է դպրոցի Ը. դասարանի աշակերտներուն կողմէ։

Թատրերգութեան հեղինակն է դպրոցի տնօրէնը՝ Արաս Տելիճէ, որու բեմագրութիւնը հայերէնի թարգմանուած է Մարի Քալայճըի կողմէ։ Հեռավար ընթերցման եւ թատերական աշխատանքները կատարած են՝ Տիրուհի Պերին, Մարի Քալայճը եւ Թալին Կարիպկիւն։ Ձայնագրութիւններն ալ կատարուած են Տիրուհի Պերինի եւ Թալին Կարիպկիւնի կողմէ։ Ձայներու մշակումը եւ որմնազդի պատրաստութիւնն ալ կատարուած է Արաս Տելիճէի կողմէ։

Այս թատերախաղին մէջ հերոսներն են՝ Սելին եւ Յակոբ ամոլը, իրենց ընտանիքի անդամներով։ Սելին վեց ամսուան յղի է։ Այր ու կին սկսած են հագուստ ձեւել իրենց անծին զաւկին համար։ Ծննդաբերութենէ առաջ արդէն սկսած են մտածել իրենց ապագայ զաւկի յաճախելիք վարժարանին, խօսելիք լեզուներուն, նոյնիսկ չափահասութեան շրջանի մասին։ Յակոբ օր մը ինքզինք կը գտնէ դպրոցի մը մէջ, որու ուսուցիչները անուանի հայեր են։ Մեսրոպ Մաշտոցէ սկսեալ, մինչեւ Հենրիխ Մխիթարեան՝ այդ նոյն դպրոցին մէջ կը պաշտօնավարեն։ Թատերախաղը այս բեմագրութեան հիման վրայ կը ծաւալի հետաքրքրական ձեւով։ Ձայնասփռումները կը կատարուին «Նոր ռատիօ»ի եւ դպրոցի YouTube-ի հասցէին միջոցաւ։ Հարկ է նշել, որ թատերախաղին համար օգտագործուած են Արա Մալիքեանի երաժշտութիւնները։

Թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած են հետեւեալները. Երազ Աբրահամօղլու, Նարեկ Թովմասեան, Այգ Արալ Զատիկ, Գոհար Միրա Եըլտըրըմ, Արտա Սուսուփ, Առէն Նալպանտօղլու, Ալեքս Մաշալ, Լիզա Կիւլպէնկօղլու, Քամի Քոփարան, Արաս Տելիճէ, Սարվէն Չաքմաք, Նելիա Էրօլ, Ժասմին Տանտին, Նարեկ Քիս, Սեւակ Քիս, Յակոբ Էզիքօղլու, Արիանա Ավճը եւ Թալին Կարիպկիւն։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2020