ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչ ամբողջ աշխարհ կ՚անցնի քորոնաժահրի սպառնալիքներով պայմանաւորուած տխուր եւ տառապալից օրերու ընդմէջէն եւ երբ մեր կրթական համակարգն ալ իր բաժինը կը ստանայ այս դժուարին շրջանէն ու կը դիմագրաւէ բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն մեզի կը հասնի ուրախառիթ բարի լուր մը, որ մասամբ ջուր կը սրսկէ մեր սրտերուն:

Այսպէս՝ վարժարանէն մեզի կը տեղեկացնեն, թէ լիկէոնի բաժնէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս իրենց մասնակցութիւնը բերած են Զուիցերիոյ «Սեռն» հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած գիտական մրցումի մը: Մասնիկային բնագիտութեան ոլորտէ ներս փորձի ծրագրաւորման միջազգային մրցում մըն է այս մէկը եւ արդիւնքին՝ մխիթարեանցի խումբը արժանացած է յատուկ մրցանակի (մանսիոն): Այսպէս՝ 47 երկիրներէ ընդամէնը 198, իսկ Թուրքիայէ 31 խումբի մասնակցութեամբ կայացած «BL4S» խորագրեալ մրցումին մխիթարեանցիներու «Beam Bees» անուն խումբը արձանագրած է նշանակալից յաջողութիւն մը:

Մրցանակակիր աշակերտներն են ԺԱ. դասարանէն Ռուտի Թեմիզէլ եւ Պուրակ Էմէրեան, իսկ Ժ. դասարանէն Ալէն Հրանդօղլու, Աքսէլ Տինտիսեան, Աքսէլ Ուղուր եւ Արեւ Սուճու: Տղոց աշխատութիւնները վերահսկած են վարժարանի գիտական բաժնի ուսուցչուհիներ Մելիսսա Գարակէօզլիւօղլու եւ Սեզիմ Եըլմազ:

Այս առթիւ վարժարանի լիկէոնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան մասնաւորաբար շեշտեց, թէ դափնեկիր տղաքը բացառիկ կարողութիւններով օժտուած հրաշալի աշակերտներ են եւ անոնց կողմէ կատարուած այդ յարատեւ, հետեւողական, ակադեմական ու ծայր աստիճան բծախնդիր աշխատանքը վեր է ամէն գնահատանքէ:

Ինչպէս վերեւ նշեցինք, մխիթարեանցի տղոց այս միջազգային ձեռքբերումը կու գայ զովացնել մեր սրտերը, մեզի միշտ յոյս ներշնչելով ապագայի մասին եւ ամրապնդելով մեր հաւատքը ազգիս պատուաբեր ապագայ սերունդներուն նկատմամբ:

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2020