ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահանը, որուն կ՚ընկերանային քաղաքապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Սայաթ Սար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց նորընտիր քաղաքապետին Գումգաբու տուած առաջին այցելութիւնը եւ մաղթեց յաջողութիւններ։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ռեսուլ Էմրահ Շահանին հետ զրուցեց իր ծրագիրներուն շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ի յիշատակ այս այցելութեան քաղաքապետին նուիրեց գիրքեր։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան հետ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ Շիշլիի շրջանի համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններու ատենապետները։

Շաբաթ, Յունիս 8, 2024