ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ուրախ օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի նախակրթարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։ Տղաքը այս փուլին ջերմօրէն շրջապատուեցան իրենց ծնողներուն եւ Գատըգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն կողմէ։ Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Օրուան ճոխ յայտագիրը կ՚ընդգրկէր բազում աշակերտներու ելոյթներ, որոնցմով բոլորը արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Շնորհաւորութեան խօսք մը ալ արտասանեց տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, որ ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց նախակրթարանի շրջանաւարտներուն։ Հանդիսութիւնը ունէր նաեւ բացօթեայ բաժին մը, որ պարտէզին մէջ կեանքի կոչուեցաւ։
Դպրոցի ուսուցչուհիներուն կողմէ պատրաստուած յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։