ԳՆԱԼԸԻ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքին համաձայն, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին, 6 Յուլիս, Հինգշաբթի առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակեցան Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Վարդան Սրկ. Էլմասեան, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան եւ այլ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու վարիչ Հրանդ Ուրարակիր Դպիր Չիզմէճեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, հանդիսադիր սրբազան հայրը քարոզեց, վեր առնելով Ս. Թարգմանիչ վարդապետներուն վարքը եւ իրենց կատարած գործին կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի համար։ Սրբազան հայրը թարգմանչական ոգիին կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօն ընդունուելէն յետոյ, հայ ժողովուրդի մէջ թափ տրուած էր Աւետարանի քարոզութեան եւ եկեղեցիներ կը ծառայէին աւետարանելու առաքելութեամբ։ Ժողովուրդը զրկուած ըլլալով իր այբուբենէն, Աստուծոյ խօսքը, աղօթքները, այլ խօսքով՝ կատարուած արարողութիւնը կը լսէր յունարէնով կամ ասորերէնով։ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ Վռամշապուհ թագաւոր իմաստութիւնը ունեցան գործակցելու, յաղթահարելու համար այս դժուարութիւնը։ Աստուծոյ օգնութեամբ հրաշքը իրականացաւ եւ հայոց հսկային ձեռամբ՝ հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր այբուբենին ու Աստուած սկսաւ հայերէն խօսիլ։ Իրենց թարգմանչական ոգին, այսօր բոլորիս կը խօսի իր պատգամով, որ է Աստուծոյ խօսքը ժողովորդի հասկցած ոճով ու լեզուով բացատրել։ Հայերէնը այսօր քրիստոնէութենէ հեռանալու համար ազդակ մը պէտք չէ ըլլայ եւ ոչ ալ քրիստոնէութիւնը՝ հայերէնէն հեռանալու համար պատրուակ մը։ Այս երկուքը միացնելով հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը կերտելու համար պէտք է աշխատիլ՝ որպէս առաջնորդ ընդունելով Թարգմանիչ վարդապետներու ոգին»։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգւոյն ի հանգիստ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներէն՝ Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, որ իր հոգին աւանդած էր այս տօնին։ Յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ, հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորներ։

Արարողութեանց աւարտին, սրբազան հօր նախագահութեամբ, սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ներկայ էին հոգեւորականները, սարկաւագները, դպիրները եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Սիրոյ սեղանը բացուեցաւ երգուած «Որք զարդարեցին» Թարգմանչաց վարդապետաց շարականով։ Յանուն Գնալըի ընտանիքին խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Հայր սուրբը, նախ անդրադարձաւ օրուան իմաստին եւ բարի գալստեան մաղթանքով ողջունեց բոլոր ներկաները։ Ան յիշեց, թէ մասնաւորապէս այսօր Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Սահակ թարգմանիչներու տօնակատարութիւնը տարբեր իմաստ կը պարունակէր Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ ըսաւ. «Ս. Մեսրոպի անունը կը յիշեցնէ՝ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքը, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ իր ծառայութեամբ մարմաւորած է Ս. Մեսրոպի ոգին»։ Հայր սուրբը այս առթիւ երախտագիտութեամբ յիշեց հանգստեան կոչուած Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքը, շնորհաւորեց իր անունը եւ աղօթքի հրաւիրեց ներկաները՝ անոր համար։ Ապա շարունակեց ըսելով. «Իսկ, Ս. Սահակ անունը կը յիշեցնէ՝ օրուան հանդիսադիր Սահակ Սրբազան Հայրը, որ սնած ըլլալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, լաւապէս իւրացուցած է Ս. Սահակի աւետարանի քարոզութեան ոգին ու կը ցոլացնէ իր հոգեւոր պաշտօնին մէջ։ Սրբազան հայրը, քսանհինգ տարի առաջ այս տօնին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է եւ այսօր առիթն է շնորհաւորել սրբազան հօր ձեռնադրութեան տարեդարձն ու անուան տօնը»։

Ապա Ռոպէր, Կարպիս եւ Լեւոն սարկաւագները իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին։ Քահանայից դասու անունով հանդէս եկաւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ներկայ ուխտաւորներու անունով իր սրտի խօսքը արտասանեց Թալին Տէյիրմենճի։ Բոլոր արտայայտուողները յիշեցին Մեսրոպ Պատրիարքն ու իր առաքեութիւնը Գնալի կղզիի մէջ։ Ապա երախտագիտութեամբ յիշեցին Սահակ Սրբազան Հօր քարոզչական ծառայութիւնը։

Հուսկ բանքը կատարեց Սահակ Եպիսկոպոս եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցոյց տրուած յարգալիր արտայայտութիւններուն համար։ Ինք եւս յիշեց Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր իր վրայ ունեցած վաստակը, Շնորհք Պատրիարքի Գնալը կղզիի մէջ իր եւ իրեն նման երիտասարդներուն նկատմամբ ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը։ Այս բոլորին մէջ ան տեսած էր Ս. Թարգմանիչ վարդապետներուն ոգին եւ քսանհինգ տարիներ առաջ որոշած էր որպէս կուսակրօն քահանայ ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Իր խօսքը աւարտեց, Մեսրոպ Սրբազանէն լսած մէկ խօսքով. «Այս ժողովուրդին ծառայելը պատիւ է»։

Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017