Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ կէսօրուան ժամերուն հասաւ Իսթանպուլ։ Ան մասնակցութիւն բերաւ իր ընտանիքի իսթանպուլաբնակ անդամներու մասնակցութեամբ խորհրդակատարութեան մը։ Իր ներկայ այցելութիւնը կը համընկնի տեղապահի ընտրութեան յաջորդող ներկայ օրերուն։ Ան անցեալ փետրուարին ալ այցելած էր Անգարա։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր ալ կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ան կը նախատեսէ այցելութիւններ տալ Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։

Նորին սրբազնութիւնը վաղը հրաժեշտ պիտի առնէ քաղաքէս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019