ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարան։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Մեւլիւտ Ույսալի կողմէ։ Ընդհանուր փոխանորդին ուղեկցեցան Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ քաղաքավարական բնոյթով այցելութիւն մըն էր այս մէկը։ Արդարեւ, Մեւլիւտ Ույսալի՝ որպէս քաղաքապետ պաշտօնի ձեռնարկած շրջանէն ի վեր Պատրիարքական Աթոռը կը սպասէր ժամադրութեան մը՝ պաշտօնապէս շնորհաւորութիւններ փոխանցելու համար։

Երէկուան զրոյցին ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գլխաւոր քաղաքապետին փոխանցեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ՝ Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին կողմէ։ Նորին սրբազնութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր համայնքային կեանքին մասին։ Ամփոփ գիծերու մէջ զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ մեր համայնքի այն խնդիրներուն, որոնց լուծումը կախում ունի քաղաքապետարանէն։ Այս առթիւ Մեւլիւտ Ույսալ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ ընդհանուր առմամբ բացատրութիւններ տուաւ քաղաքապետարանի գործունէութեան, ծրագրերուն եւ առաջնորդուած սկզբունքներուն շուրջ։

Ընդունելութեան աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ քաղաքապետ Մեւլիւտ Ույսալ փոխանակեցին յուշանուէրներ։ Ընդհանուր փոխանորդը յախճապակիէ ծաղկաման մը նուիրեց քաղաքապետին։ Այս վերջինն ալ փոխադարձեց։

45 վայրկեան տեւած մտերմիկ զրոյցէն վերջ նորին սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները դրական տպաւորութիւնով հրաժեշտ առին քաղաքապետարանէն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018