ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման խանդավառ արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր մարզական փառատօն մը։ Այս մրցոյթի զանազան ճիւղերու եւ դասակարգերու դափնեկիրները երէկ երեկոյեան ստացան իրենց մրցանակները։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։ Այլ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր ալ նորին սրբազնութեան կողքին էին։ Ծափահարութիւններու ներքեւ դափնեկիրները ստացան իրենց պարգեւները, մինչ ձեռնարկի աւարտին օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։

Հարկ է յիշել, որ այս մրցաշարքը ձօնուած էր երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի յիշատակին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019