ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ՈՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՈՒԵՑԻՆ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ  Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը շաբաթավերջին եղբայրական հանդիպում մը ունեցան Գնալը կղզիին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք Գնալը կղզի փութացած էր նախագահելու համար յունաց Մեթամորֆոսիս (Այլակերպութիւն) վանքի տօնախմբութեան։ Այդ արարողութիւններուն մասնակցեցան նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք։

Այդ տօնակատարութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ յունաց պատրիարքի եղբայրական հանդիպումը։ Անոնք պատուեցին Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը, որու համալիրէն ներս արտասովոր ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ երկու հոգեւոր առաջնորդներու ներկայութեամբ։ Կազդուրման կայանի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց պատրիարքները, որոնք հայրական գուրգուրանքի առարկայ դարձուցին մանուկները, որոնց տուին իրենց օրհնութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022