ՏՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԹԱԹԼԸԷՐԻ ՅՈՒՇԵՐԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն Տքթ. Սար­գիս Թաթ­լըէր վեր­ջերս հրա­տա­րա­կած է «Յու­շեր ման­կու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան» խո­րագ­րեալ գրքոյկ մը։ Հե­ղի­նա­կը ազ­նուու­թիւ­նը ու­նե­ցած է նաեւ խմբագ­րու­թեանս հա­մար մա­կագ­րել այդ գրքոյ­կէն օ­րի­նակ մը, որ կ՚ընդգր­կէ նաեւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ձե­ւա­չա­փով քա­նի մը է­ջեր։  
Այս գրքոյ­կին մէջ Սար­գիս Թաթ­լըէր կանգ ա­ռած է ման­կու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ իր ըն­տա­նի­քին եւ հին ըն­կեր­նե­րուն վրայ։ Ան մատ­նան­շած է նաեւ իր կեան­քի հո­լո­վոյ­թին մէջ Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին ու­նե­ցած ա­ռանց­քա­յին տե­ղը՝ դի­պուկ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ 
Գրքոյ­կին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճո­խա­ցուած է քա­նի մը յատ­կան­շա­կան լու­սան­կա­րով։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015