ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ թա­ղի նո­րան­շա­նակ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հեր­կե­լեան։

Թա­ղա­կան­նե­րը փա­փա­քած էին շա­բա­թա­վեր­ջի Խաչ­վե­րա­ցի տա­ղա­ւա­րին ըն­դա­ռաջ այ­ցե­լել Պատ­րիար­քա­րան։ Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ ա­նոնք խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը սի­րով յանձն ա­ռաւ հան­դի­սա­պե­տել օ­րուան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը թա­ղա­կան­նե­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց նաեւ թա­ղէն ներս տա­րուած ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տան­քին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Գե­րեզ­մա­նա­տան եւ կա­լուա­ծա­կան հար­ցե­րու շուրջ թա­ղա­կան­նե­րը փո­խան­ցե­ցին կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։

Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան գնա­հա­տեց Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քը եւ կեն­սու­նա­կու­թիւն մաղ­թեց Սկիւ­տա­րի ըն­տա­նի­քին։ Փո­խան­ցե­լով իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց նո­րան­շա­նակ ե­րէ­ցին եւ ար­տա­յայ­տեց իր հայ­րա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դին նկատ­մամբ։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016