ՍԱՐԳԻՍ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ «ՓԱՐՈՍ»Ի ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ
«Փարոս» հանդէսը երէկ իրիկուն կայացած հանդիսութեամբ մը նշեց հրատարակութեան չորրորդ տարեդարձը։ Այս առթիւ, Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի ընդհանուր հիւպատոսութեան «Սիսմանոկլիօ Մեկարօ» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ անուանի գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի ցուցահանդէսին, որ կոչուած է «Անցեալէն դէպի ապագայ» անունով։
Սարքուած ընդունելութեան ներկայ էին Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, ՍԾՏՀԿ-ի Իսթանպուլի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ իր խորհրդականը՝ Իկոր Մուրատեան, Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի ընդհանուր հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիս, հայ եւ յոյն հոգեւորականներ, հրաւիրեալներ։ Պատուոյ հիւրերու կարգին էին նաեւ հանգուցեալ գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի դուստրը՝ Զարուհի Մուրատեան եւ թոռը՝ Արա Ճաղարեան, որոնք ժամանած էին Երեւանէն։
Այս առթիւ սրտի խօսքեր արտասանեցին Էվանկելոս Սեքերիս, «Փարոս»ի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս եւ Զարուհի Մուրատեան։ Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ բարերար Պերճ Կուրտիկեանին։
Հարկ է նշել, թէ Սարգիս Մուրատեանի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբերի 18-ը։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024