ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին ձեռնարկեց նոր եղանակի բացման աշխատանքներուն։ Համոյթի թէ՛ մեծերու եւ թէ փոքրերու խումբերը շաբաթ կէսօրին համախմբուեցան Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի վերահսկողութեան ներքեւ կատարուեցաւ առաջին փորձը։ Կարպիս Չափքան այս առթիւ ողջունեց «Մարալ»ի մեծ կազմի անդամներու վերահամախմբումը եւ բոլորին յաջողութեան մաղթանքներ յղեց նոր եղանակի շեմին։

Համոյթը այս տարի եւս կը շարունակէ կանոնաւոր փորձերը եւ ունի կարեւոր ծրագրեր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018