ՅԱՅՏՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տարեկան սիրոյ սեղանին արձագանգները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին, յանուն Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ յանձնուեցան շարք մը յուշանուէրներ, ինչ որ երախտագիտութեան տեղին դրսեւորում մըն էր նուիրեալներու նկատմամբ։ Ընդհանրապէս նախկին թաղականներու, այսինքն վարչային դէմքերու համար պատրաստուած էին յուշանուէրները։ Անոնց շարքին կար նաեւ արուեստագէտ մը՝ նկարիչ Յակոբ Աքչելեան, որ եւս Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ջերմ զգացումներուն առարկայ դարձաւ։

Հարկ է նշել, որ Յակոբ Աքչելեան պատրաստած էր Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ աւագ խորանի սրբանկարը։ Ան հոգեւոր մղումներով ստեղծագործած այդ գործը նուիրած էր եկեղեցւոյ։ Թաղային խորհուրդն ալ այս շարժոյթով գնահատեց անոր վերաբերմունքը։

Նկարիչ Յակոբ Աքչելեան յուշանուէրը ստանալէ վերջ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բոլորին կողմէ՝ գնահատանքով ու համակրանքով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023