ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ

Գալֆաեան տան սաները փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն մէջ։ Առաջին երկու հանգրուանները յաջողութեամբ յաղթահարելով՝ անոնք իրաւունք շահեցան աւարտական փուլի բարձրանալու։ Տղաքը կը վերահսկէր թուաբանութեան ուսուցչուհի Սիպիլ Ելէկէն։

Գալֆաեանի խումբին մէջ էին՝ Արաս Օղուզ, Իլոնա Էրտէմ, Միքայէլ Տեմիրճեան, Միրա Սօնա Նազլըօղլու եւ Սեւան Թոփճու։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024