ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԸ

Գալ­ֆաեան Տան ըն­տա­նի­քը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին ապ­րե­ցաւ մեծ հրճուանք։ Տօ­նա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը դպրո­ցը հա­մա­կած էր նա­խոր­դող շա­բաթ­նե­րէն սկսեալ։ Դպրո­ցի շէն­քը յար­դա­րուած էր հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով։ Փոք­րիկ­նե­րը ա­մա­նո­րեան հան­դէս­նե­րուն պատ­րաս­տուե­ցան ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Այս բո­լո­րէն վերջ, երբ տօ­նա­կան օ­րե­րը մօ­տե­ցան գալ­ֆաեան­ցի սա­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան հան­դէս­նե­րուն ըն­թաց­քին ի­րենց ու­նե­ցած ե­լոյթ­նե­րով։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը բազ­մա­պատ­կուե­ցաւ Կա­ղանդ պա­պու­կին նուէր­նե­րով։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016