ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Հա­յե­րէն լե­զուի ան­ցեա­լին, ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ դա­սա­խօ­սու­թիւն մըն էր այս մէ­կը, որ ար­ժա­նա­ցաւ հե­տաքր­քիր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016