ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ Նոր տար­ւոյ եւ Սուրբ Ծննդեան շրջա­նին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ա­ւան­դա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ տա­րե­մու­տին ի­րա­կա­նա­ցուց զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ։ Դպրո­ցէն ներս ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ փայ­լուն հան­դէս մը։

Ձեռ­նար­կի ա­ռա­ջին փու­լին ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը գոր­ծադ­րե­ցին յայ­տա­գիր մը, ո­րու ա­ւար­տին ա­նոնք նուէր­ներ ստա­ցան Կա­ղանդ պա­պու­կին ձե­ռամբ։

Նա­խակր­թա­րա­նի տղա­քը ա­ւե­լի վերջ ա­ռան­ձին ծրա­գիր մը գոր­ծադ­րե­ցին՝ բազ­մաբ­նոյթ ե­լոյթ­նե­րով։ Ա­նոնք ալ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց յա­ջող աշ­խա­տան­քով։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ ա­ռանձ­նա­ցան խմբերգ­նե­րը։

Հան­դէ­սին ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու, տիկ­նանց կազ­մի ա­տե­նա­պե­տու­հի Վեր­ժին Պիւ­քիւ­ճեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Հան­դէ­սի ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017