ԹԱՔՍԻՄՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ
Թաքսիմ մարզակումբի մինչեւ տասներկու տարեկաններու ֆութպոլի կազմը վերջերս արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը։ Տղաքը իրենց խմբաւորման մէջ հանդիսացան ախոյեան։ Քսան խաղերու արդիւնքին անոնք երբեք չպարտուեցան ու միայն անգամ մը իրենց խաղը վերջացաւ հաւասարութեամբ։ Տասնինն յաղթանակներուն շնորհիւ անոնք Իսթանպուլի իրենց բոլոր մրցակիցները գերազանցեցին։
Թաքսիմցի տղաքը իրենց այս յաջողութիւնը տօնեցին ակումբի վարչայիններուն հետ։ Քսանինն հոգիէ բաղկացեալ կազմը տարեմուտի օրերուն մէկտեղուեցաւ ակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ։ Թէեւ այս մէկը հերթական պարապումի մը համար էր, սակայն տղոց տրամադրութիւնը բարձր էր աննախընթացօրէն։ Քսանիին հոգիէ բաղկացեալ կազմին շնորհաւորութեան խօսք մը ուղղեց ակումբի վարչայիններէն Տքթ. Մկրտիչ Կիւլէզեան։ Հարկ է նշել, որ Թաքսիմի մինչեւ տասներկու տարեկաններու կազմը կը մարզէ Նեճտէթ Եըլմազ։ Այս վերջնոյն գործն ալ գնահատուեցաւ վարչութեան կողմէ։
Թաքսիմցիները համախմբուեցան իրենց ախոյենութեան բաժակին շուրջ ու զիրար շնորհաւորելէ վերջ շարունակեցին ընթացիկ աշխատանքը։