ՍԱՀԱԿԵԱՆ Դ. ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԱՂԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Սամաթիոյ ընտանիքը ներկայ տարեմուտը դիմաւորած է մասնաւոր ոգեւորութեամբ։ Արդարեւ, վաղը երեկոյեան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի եւ համանուն մանկանց երգչախումբի համերգը։ Երգչախումբը կը պատրաստուի երաժշտասէրներուն մատուցել ճոխ յայտագիր մը՝ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երաժշտութեան նմոյշներէն բաղկացեալ։ Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ հանդէս պիտի գայ խումբը։ Իսկ մանկանց երգչախումբը պիտի ղեկավարէ Նարօտ Դալար Ակօշեան։

Ձեռնարկի ընթացքին պիտի յիշատակուին մեծն Կոմիտաս Վարդապետն ու Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը, որոնց ծննդեան 150-ամեակները նշուեցան անցեալ տարի։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020