ՍՈՒՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐ, ՆՈՐ ՋԱՆՔԵՐ

Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Պաքըրգիւղի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ներկաներու շարքին էին համայնքային երախտաշատ բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Պատուոյ սեղանին շուրջ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Այս հաւաքոյթը, անշուշտ, ունէր առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, ատենապետուհի Մարի Եանճըի կողմէ գլխաւորուած Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի պաշտօնավարութեան առաջին քայլափոխին կազմակերպուած սիրոյ սեղանն էր։ Հաւաքոյթի ընթացքին Մարի Եանճը ունեցաւ ելոյթ մը։ Բացի Մարի Եանճըէն, պիւտճէի մասին տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ թաղային խորհուրդէն Յարութիւն Եիւճէլսէն։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Նայիրի Խաչիկօղլուի։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Տատեան վարժարանի սաները՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Ծրագիրը պատրաստուած էր երաժշտութեան ուսուցիչ Սէրճան Կազէրօղլուի եւ պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի մականին ներքեւ։

Ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ յուշանուէրներ յանձնուեցան թաղային խորհուրդի նախկին կազմի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրին եւ գործակից ընկերներուն։

Յայտարարուած 6 միլիոն լիրա պիւտճէի բացէն հանգանակութեան արդիւնքով հաւաքուեցաւ հազիւ 2.5 միլիոն լիրա։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս կապակցութեամբ յոյս յայտնեց, թէ Պէյօղլուի յառաջիկայ ընտրութիւններէն վերջ այդ բացն ալ կը փակուի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արտասանած հուսկ բանքով հաւաքոյթը հասաւ իր աւարտին։ Ան շեշտեց, որ համայնքէն ներս նոր յանձնախումբ մը պէտք է ստեղծուի՝ զուտ վարժարաններու բազմակողմանի խնդիրներուն վրայ կեդրոնանալու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը անհրաժեշտ նկատեց, որպէսզի մեր վարժարաններէն ներս լաւագոյնս ջամբուի մեր ինքնութիւնը։ «Իւրաքանչիւր կառոյց իր տնօրինած ունեցուածքը պէտք է նկատէ համայնքին սեփականութիւնը։ Փիլիսոփայութիւնը թուաբանութենէն առաջ կու գայ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Երէկուան սիրոյ սեղանը, միեւնոյն ժամանակ, առիթ հանդիսացաւ, որ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդը համայնքային շրջանակներուն հետ հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ բաժնէ իր տեսլականը։ Արդարեւ, Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները կը գիտակցին, թէ հայաշատ ու խտացեալ երթեւեկով թաղ մըն է Պաքըրգիւղը, ուր կայ հաստատութիւններու զանազանութիւն. օրինակ՝ եկեղեցի, դպրոց, երգչախումբ, միութիւն, աղքատախնամ եւ այլն։ Այս բոլորը հաշուի առնելով նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամներուն միջեւ նախատեսուած է յստակ դերաբաժանում մը։ Սկզբունքօրէն որդեգրուած է թաղային խորհուրդի եւ դպրոցի պատասխանատուներու աշխատանքի համակարգման առաջնահերթութիւնը։

Նորընտիր թաղականները պիւտճէի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ ալ կը ձգտին հնարաւորինս կարգապահութիւն մը ապահովել։ Երկար ժամանակէ ի վեր Պաքըրգիւղի մէջ կար այդ պիւտճէի կարգապահութիւնը եւ կը տիրէր թափանցիկութիւն։ Յամենայնդէպս, տնտեսական վերջին իրողութիւնները պիւտճէի ելքերու եւ մուտքերու հաւասարակշռութիւնը բաւական տակնուվրայ ըրած են։ Ուստի, թաղականները կը նախատեսեն լաւ հաշուարկուած ձեւով առնել իւրաքանչիւր քայլը եւ այսպէսով երաշխաւորել մանաւանդ դպրոցի կայունութիւնը։

Պաքըրգիւղի նորընտիր թաղային խորհուրդը հակուած չէ իր գործունէութիւնը՝ միայն մէկ կէտի ուղղուած ձեւով յառաջ տանիլ եւ կը ձգտի միւս բոլոր նորընտիր թաղային խորհուրդներուն հետ անմիջական շփման մէջ ըլլալ։

Նորընտիր թաղային խորհուրդին բախտ պիտի վիճակի տեսնել Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական հատորին հրատարակութիւնը։ Ծանօթ է, որ այդ յոբելեանը երեք տարի առաջ էր, սակայն, յուշամատեանը տակաւին նոր պիտի տպագրուի՝ պատրաստուած ըլլալով նախկին տնօրէնուհիներէն Հերմինէ Պենլիօղլուի ջանքերով։ 2023 թուականին կը նախատեսուի այս յուշամատեանին համար կազմակերպել շնորհանդէս մը։

Նորընտիր թաղային խորհուրդը կը գիտակցի, որ Տատեան վարժարանը՝ 411 աշակերտով ներկայիս կը հանդիսանայ մեր այն համայնքային դպրոցը, որ կը հիւրընկալէ ամենաբարձր թիւով աշակերտութիւնը։ Զգալի պատրաստակամութիւն մը կայ միւս բոլոր դպրոցներուն հետ համագործակցութեան եւ համախոհութեան մթնոլորտի մը մէջ գտնուելու առումով։ Նորընտիր թաղականները կը ձգտին ո՛չ միայն դպրոցի աշակերտները խրախուսել յաջողութեան հասնելու նպատակով, այլեւ շարժման անցնել նաեւ անոնց ծնողները։ Անոնք կը հաւատան, թէ ծնողներու ներգրաւումով շատ աւելի մեծ խմբային, արդիւնաւէտ աշխատանքի մթնոլորտ մը կը ստեղծուի։ Այս բոլոր ուղղութիւններով զարգացում արձանագրելու տեսակէտէ պարտադիր է ճիշդ գիտութիւններով առաջնորդուիլը։ Հետեւաբար, թաղ. խորհուրդը կը ծրագրէ դպրոցը մասնագէտներու ժամադրավայրի մը վերածել եւ հարթակ ստեղծել բազմաբնոյթ շփումներու համար։ Այդ շփումները ո՛չ միայն աշակերտներու եւ մասնագէտներու, այլեւ մասնագէտներու եւ ծնողներու համար կը ծրագրաւորուին։ Նոյնիսկ, մասնագէտներու եւ ծնողներու շփումները կ՚ենթադրուին ամբողջ համայնքային վարժարաններու աշակերտաց ծնողներուն համար։

Ի լրումն այս բոլորին, նորընտիր թաղային խորհուրդը որդեգրած է ուրիշ նպատակ մը։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը յառաջիկայ շրջանին շատ աւելի ընդգծեալ ձեւով Տատեան վարժարանի աշակերտները պիտի խրախուսէ, որպէսզի անոնք ընկերային ծրագրերու կամ այլ զանազան խրախճանքներու, մըր-ցոյթներու ալ մասնակցին։

Ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները վճռած են ամէն ձեւով սնել դպրոցը եւ բոլոր գետիններուն վրայ համագործակցութեան կը ձգտին, որպէսզի այս ճանապարհին վրայ ապահովեն գաղափարներու տեսակաւորութիւն։

 

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2023