ՊԻԹԼԻՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՎ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ԵՐԿՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՇՈՒՐՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիթլիսի քաղաքապետ Հիւսէյին Օլանը։ Քաղաքապետը եւ իր ընկերակիցները Պատրիարքարանի մէջ անդրադարձան Կարմրակի Ս. Նշան եւ Տէյիրմէնալթը գիւղի Ս. Անանիա եկեղեցիներու բարենորոգման աշխատանքներուն։ Պիթլիսի մէջ գտնուող այս երկու եկեղեցիներու վերանորոգութեան ծրագրին շուրջ քաղաքապետը փոխանցեց տեղեկութիւններ եւ Նորին Սրբազնութեան հետ ունեցաւ կարծիքի փոխանակումներ։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան նաեւ բարենորոգման աշխատանքներէն վերջ երբեմնի եկեղեցիներու գործածութեան հեռանկարային ծրագրերը։ Զրոյցի նիւթ դարձան նաեւ պիթլիսցի հայերը։ Քաղաքապետն ու Ընդհանուր Փոխանորդը տեսակէտներ փոխանակեցին նաեւ այս մասին։
Ջերմ զրոյցի աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ դրական տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024