ՄԱՀ՝ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ՌԻԹԱ ԱՐԱՔՍԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ բազմամեայ կրթական մշակ Ռիթա Արաքս։ Վերջին շրջանին ան կ՚ապրէր Երեւանի մէջ՝ իր որդւոյն հետ։ Դժբախտաբար մահն ալ վրայ հասած է Երեւանի մէջ, ուր ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիներու շրջանակը։

Ռիթա Արաքս մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէ բաւական յառաջացած տարիքի մը մէջ։ Իր կորուստը թէեւ անժամանակ չէ, սակայն ցաւալի է միանշանակ։ Իր մարմնաւորած կրթական մշակի կերպարը յարգանք եւ համակրանք կ՚առթէր բոլորին։ Երկար տասնամեակներ ֆրանսերէն դասաւանդած էր քաղաքիս զանազան ֆրանսական վարժարաններուն մէջ։ Այդ առաքելութեան հետ նոյնացած եւ անոր անմնացորդ ձեւով նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր Ռիթա Արաքս, որ Ֆրանսայի պետութեան կողմէ ալ քանի մը տարի առաջ պարգեւատրուած էր իր ներդրած մեծ վաստակին համար։

Թէեւ ֆրանսերէնի ուսուցչուհի մըն էր, սակայն, Ռիթա Արաքս պոլսահայ կեանքին ալ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր։ Իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր։ Կողակիցն էր բարեյիշատակ տքթ. Հերմոն Արաքսի, որ Կեդրոնականի ընտանիքի մօտաւոր անցեալի տիրական դէմքերու շարքին կը դասուէր։ Արաքսները միշտ ներկայութիւն կը բերէին ընկերամշակութային ձեռնարկներու եւ իրենց հնարաւորութիւններով, իրենց շրջանակին մէջ միշտ կը խրախուսէին մտաւորական շարժումները։

Նորոգ հանգուցեալ Ռիթա Արաքսի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։ Իր մարմինը պիտի ամփոփուի մայրաքաղաքի քաղաքային պանթէոնին մէջ։

Այս տխուր առթիւ յաւիտենական հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Ռիթա Արաքսի հոգւոյն։ Կը ցաւակցինք իր որդւոյն՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսին, թոռնիկներուն, մերձաւորներուն եւ սիրելիներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021