ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի ու պա­րի հա­մոյ­թի հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան ար­ժա­նա­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի «Օր­մա­նեան» ոս­կեայ շքան­շա­նին։ Այս առ­թիւ Սա­մա­թիոյ Ս․ Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­յա­ցաւ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը՝ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ․ Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեա­նի։ Ներ­կայ էր նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ․ Զա­քէոս Ծ․ Վրդ․ Օ­հա­նեան։ Օ­րուան Ս․ Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ․ Շիր­վան Քհնյ․ Միւր­զեան։ Ս․ Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Գէորգ Ներ­կիզ, Ա­լէն Տի­րան Ներ­կիզ, Ար­ման Պուլ­տու­քեան սար­կա­ւագ­ներն ու այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Սա­հա­կեան Դպրաց Դա­սու ան­դամ­նե­րուն կող­մէ՝ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի խմբա­վա­րու­թեամբ։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Ս․ Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­մի­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չա­յին­նե­րը՝ գլխա­ւորու­թեամբ ա­տե­նա­պետուհի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեա­նի, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան, «Մա­րալ» հա­մոյ­թի վար­չա­յին­նե­րը, պա­րող­ներն ու պա­րու­հի­նե­րը, հա­մա­կիր­ներ։

Նախ­քան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը Տ․ Զա­քէոս Ծ․ Վրդ․ Օ­հա­նեան ըն­թեր­ցեց Տ․ Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեա­նի օրհ­նու­թեան գի­րը, ա­պա Սրբա­զան Հայ­րը Կար­պիս Չափ­քա­նին յանձ­նեց «Օր­մա­նեան» ոս­կեայ շքան­շա­նը։ Սրբա­զան Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ եւս անդ­րա­դար­ձաւ Կար­պիս Չափ­քա­նի, ինչ­պէս նաեւ վեր­ջի­նիս կո­ղակ­ցի՝ Ի­րիս Չափ­քա­նի գոր­ծու­նէու­թեան եւ «Մա­րալ» հա­մոյ­թի կա­րե­ւո­րու­թեան։ Ան ը­սաւ, որ Կար­պիս Չափ­քան իր տա­ղան­դը բաժ­նած է ու­րիշ­նե­րուն եւ հայ­կա­կան տոհ­միկ պա­րե­րը փո­խան­ցած՝ նոր սե­րուն­դին։

Յա­ւարտ Ս․ Պա­տա­րա­գի կա­յա­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։ Թա­ղա­յին խորհր­դա­րա­նին մէջ ալ սարքուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։

Կար­պիս Չափ­քան մեր մշա­կու­թա­յին կեան­քի ար­դի նուի­րեալ­նե­րէն մին է եւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ ի­րեն շնոր­հուած պար­գե­ւը մեր կար­ծի­քով իր ար­դար ի­րա­ւուն­քը կը նկա­տուի։ Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ան կը գոր­ծէ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան խոր գի­տակ­ցու­թեամբ եւ իր աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ մեր պա-­րա­րուես­տի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կը փո­խան­ցուին սե­րուն­դէ սե­րունդ։ Կար­պիս Չափ­քա­նի ի­մաս­տուն մա­կա­նին ներ­քեւ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թը կը շա­րու­նա­կէ իր գո­յու­թիւ­նը ու կը մնայ իս­կա­պէս բարձ­րու­թեան վրայ՝ ծա­նօ­թաց­նե­լով հայ մշա­կոյ­թը եւ այս­պէ­սով պա­տիւ բե­րե­լով նաեւ մեր հա­մայն­քին։

Ուս­տի, ջերմ զգա­ցում­նե­րով կը շնոր­հա­ւո­րենք Կար­պիս Չափ­քա­նը ու կը մաղ­թենք, որ ան տա­կա­ւին եր­կար տա­րի­ներ կա­րե­նայ իր ե­ռան­դը ներդ­նել մեր պա­րա­րուես­տին հա­մար։

  

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015