ՏԻՐԱՄԱՅՐԸ ԽՆԱՄԱՏԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ

Թուր­քիոյ հա­յոց 84-րդ պատ­րիարք Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նին հա­մար ե­րէկ խնա­մա­տար (vasi) մը նշա­նա­կուե­ցաւ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ար­ձա­կուած վճի­ռով։ Մեր հա­մայն­քէն չորս ան­հատ­նե­րու՝ Թա­դէոս Պէ­պէ­քի, Յա­րութ Էօ­զէ­րի, Նա­զար Պի­նաթ­լըի եւ Տքթ. Ար­թին Մե­ծա­տու­րի կող­մէ բա­ցուած դա­տի ար­դիւն­քին՝ պատ­րիար­քին հա­մար խնա­մա­տար նշա­նա­կուե­ցաւ տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեան։

Իս­թան­պու­լի Դ. ի­րա­ւուն­քի ա­տեա­նին կող­մէ, դա­տա­վա­րու­թեան երկ­րորդ նիս­տէն վերջ, դա­տա­ւոր Մուս­թա­ֆա Եալ­չը­նի կող­մէ տրուե­ցաւ այս ո­րո­շու­մը։ Վճի­ռի ար­ձակ­ման ծի­րին մէջ մատ­նան­շուե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­տա­կան նիս­տէն յե­տոյ դա­տաբժշ­կա­կան մաս­նա­գէ­տին կող­մէ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան տրուած այ­ցե­լու­թեան։ Նոյն շրջագ­ծով ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ ան կը ծա­ռա­յէ ան­կող­նոյ ու կը տա­ռա­պի «տե­մանս»է։ Դա­տա­ւո­րը դի­տել տուաւ, որ դա­տաբժշ­կա­կան մաս­նա­գէ­տին կող­մէ պատ­րաս­տուած տե­ղե­կագ­րին մէջ ալ յար­մար դա­տուած է պատ­րիար­քին հա­մար խնա­մա­տա­րի մը նշա­նա­կու­մը։

Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ յան­գուե­ցաւ եզ­րա­կա­ցու­թեան եւ Մա­րի Մու­թա­ֆեան խնա­մա­տար նշա­նա­կուե­ցաւ իր պատ­րիարք որդ­ւոյն հա­մար։ Ան պա­տաս­խա­նա­տու պի­տի ըլ­լայ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան անձ­նա­կան-նիւ­թա­կան գոր­ծարք­նե­րէն։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ այս դա­տավճ­ռին հիմ­նա­ւո­րու­մը հրա­պա­րա­կուի մի­ջոց մը վերջ, քա­նի մը օ­րէն։ Դա­տա­ւո­րը յայտ­նած է նաեւ, թէ ո­րո­շու­մը կա­րե­լի է Վճռա­բեկ ա­տեա­նին մօտ ութ օ­րուան ըն­թաց­քին վի­ճար­կել։

Հարկ է նշել, որ այս դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին Պատ­րիար­քա­րա­նը ներ­կա­յա­ցուած է ի­րա­ւա­բան Ա­լի Էլ­պէ­յօղ­լուի եւ իր օգ­նա­կա­նին՝ Սի­մոն Ի­շի ա­ռաջ­նոր­դած փաս­տա­բա­նա­կան գրա­սե­նեա­կին կող­մէ։ Տա­կա­ւին յայտ­նի չէ, որ բե­կան­ման ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը պի­տի ըլ­լա՞յ, թէ ոչ։ Սի­մոն Իշ ե­րէ­կուան վճռի ար­ձա­կուե­լէն վերջ մե­զի յայտ­նեց, թէ այս կար­գադ­րու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի պատ­րիար­քի զուտ ան­հա­տա­կան գոր­ծարք­նե­րուն ու ո­րե­ւէ կապ չ­­ու­նի ա­նոր պատ­րիար­քա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րուն կամ ա­նոնց փո­խա­րին­ման դրու­թեան հետ։ Մեր հարց­ման պա­տաս­խա­նե­լով՝ ան ը­սաւ, թէ յաչս պե­տու­թեան չի կար­ծեր, որ կար­գա­վի­ճա­կի փո­փոխ­ման կամ ի­րադ­րու­թեան նոր ըն­կալ­ման մը պատ­ճառ դառ­նայ այս ո­րո­շու­մը։ Ան խոր­հուրդ տուաւ սպա­սել նաեւ վճռի հիմ­նա­ւոր­ման հրա­պա­րակ­ման։

Նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ կար­ծի­քը շօ­շա­փե­ցինք նաեւ Թա­դէոս Պէ­պէ­քի, որ այս դա­տին հա­մար ան­հա­տա­կան դի­մում կա­տա­րած չորս ան­ձե­րէն մին է։ Ան կա­րե­ւո­րեց ա­պա­հո­վուած ար­դիւն­քը եւ ա­ւել­ցուց, որ ե­րախ­տա­պարտ են տի­րա­մօր վճռա­կամ կե­ցուած­քին հա­մար։

Ծա­նօթ է, որ Մա­րի Մու­թա­ֆեան նա­խօ­րօք հրա­պա­րա­կաւ բո­ղոք յայտ­նած էր, որ այս դա­տը բա­ցուած է ա­ռանց իր հա­ւա­նու­թեան, իսկ ա­ւե­լի վերջ ըն­դու­նած է դառ­նալ խնա­մա­տար։ Պատ­րիար­քա­րա­նի մօ­տե­ցու­մը ա­ւե­լի շա­հա­պաշտ է եւ պա­ղա­րիւն։ Ար­դա­րեւ, Գում­գա­բուի մէջ հա­շուի կ­­՚առ­նեն, թէ վեր­ջին հա­շուով լաւ է, որ տի­րա­մայ­րը դար­ձած է խնա­մա­տար։ Այ­լա­պէս, ու­րիշ ա­նուն մըն ալ կրնար այդ գոր­ծը ստանձ­նել, ինչ որ կրնար ու­նե­նալ ան­պա­տե­հու­թիւն­ներ։ Հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ վա­ղուց շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են պնդում­ներ կամ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց խնա­մա­տա­րի մը նշա­նա­կու­մը պաշ­տօ­նա­կան գետ­նի վրայ կրնայ պա­րարտ հող պատ­րաս­տել հա­ւա­նա­կան ընտ­րու­թեան մը հա­մար։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ան­հա­ւա­նա­կան կը նկա­տէ այս վար­կա­ծը՝ այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նով, որ այդ­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը բա­ցա­ռա­պէս կը վի­ճա­կի Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին։

Յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ կ­­՚ե­րե­ւի ե­րէ­կուան դա­տավճ­ռի բնա­գի­րը։,

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016